jeudi 27 juin 2019

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ

ԲԱԽՏԱԲԵՐ ԿՂԶԻՆ

Հացագործ Դաւիթ ու ձկնորս Դաւիթ, նոյն քաղաքին մէջ կ'ապրէին: Հացագործը շատ հարուստ էր, իսկ ձկնորսը՝ չափազանց աղքատ: Խեղճը օրերէ ի վեր պարապ կը քաշէր ուռկանները:
Օր մը, ձկնորս Դաւիթ, ալ չդիմանալով անօթութեան, կ'երթայ օգնութիւն կը խնդրէ հացագործ Դաւիթէն ու կ'ըսէ.
-Ես աշխատասէր մարդ մըն եմ, բայց բախտ չունիմ:Եթէ ինծի այսօր հաց մը տաս, վաղը ձուկ որսալով կը ծախեմ ու պարտքս կը վճարեմ:
-Լա՛ւ, կը պատասխանէ հացագործը. կուտամ հաց մը, սակայն մէկ պայմանաւ: Վաղը առաջին անգամ ինչ որ որսաս ծովէն, անիկա ինծի պիտի բիրես...:
Ձկնորս Դաւիթ կը համաձայնի. սակայն յաջորդ օրը մինչեւ գիշեր բան մըն ալ չի կրնար որսալ: Ի վերջոյ, երբ մայրամուտին վերջին անգամ մըն ալ կը քաշէ ուռկանները, անոնց մէջէն կ'ելլէ սնտուկ մը, որուն վրայ անծանօթ տառերով գրութիւններ գրուած էին: Յարգելու համար իր խօսքը, սնտուկը կը տանի հացագործին: Հացագործ Դաւիթ երբ սնտուկը կը բանայ, մէջէն կ'ելլեն երկու տեսակ կտաւ ու երկու պզտիկ տուփեր: Այս փոքրիկ տուփերէն մէկուն մէջէն կ'ելլէ զմրուխտ քարով ոսկի մատանի մը, իսկ միւսին մէջէն ալ՝ երկաթէ պարզ մատանի մը:
Ոսկի մատանիին մէջի կողմը գրուած էր.
«Տիրոջը բախտ կը բերէ...»
Իսկ երկաթէ մատանիին մէջի կողմը գրուած էր.
«Խելացութիւնը ամենամեծ հարստութիւնն է...»
Հացագործ Դաւիթ ոսկի մատանին մատը կ'անցընէ, մնացեալները աղքատ ընկերոջը կը թողու: Նոյն գիշերն իսկ ճերմակ մօրուքով ծերունի մը կը տեսնուի հացագործին ու կ'ըսէ.
-Անունդ Դաւի՞թ է. զմրուխտ քարով մատանի մը ունի՞ս...:
-Այո՛, կը պատասխանէ հացագործ Դաւիթ:
Այն ատեն ծերունին կ'ըսէ.
-Ուրեմն հետս եկուր, քեզ ԲԱԽՏԱԿՂԶԻ պիտի տանիմ:
Այսպէս միասնաբար նաւակ մը կը նստին: Ծովային երկարատեւ ճամբորդութենէ մը վերջ կը հասնին հեռաւոր կղզի մը: Այնտեղ կային ոսկեզօծ պալատներ, ապարանքներ ու ծառախիտ պարտէզներ, ուր բազմաթիւ երփներանգ թըռչուններ ու կենդանիներ կ'ապրէին:

Կղզիին բնակչութիւնը երբ հեռուէն կը տեսնէ Դաւիթը, որ նաւակով մը իրենց ծանօթ ծերունիին ընկերակցութեամբ դէպի կղզի կու գայ, հաւաքուելով ծովեզերք՝ խանդավառուած միաբերան կը պոռայ.
-Կեցցէ՛ Դաւիթ... կեցցէ՛ մեր թագաւորը...:
Այսպէսով, հացագործ Դաւիթ, շնորհիւ իր զմրուխտեայ մատանիին, Բախտակղզիի թագաւորը կը դառնայ...:
Այդ օր, մինչեւ գիշեր կ'ուտեն, կը խմեն ու կը զուարճանան: Սակայն, կէս գիշերին պալատին լոյսերը յանկարծ կը մարին, երգն ու խնջոյքը կը դադրին եւ ամէն մարդ լալ ու ողբալ կը սկսի:

Մինչ այդ, հանդիսասրահին դուռը կը բացուի, եօթը հսկայ դեւեր եօթը ջահեր բռնած ներս կը խուժեն. Դաւիթ թագաւորին թեւերէն բռնելով կը տանին ընդարձակ ու մութ սրահ մը ուր մարմարէ գեղեցիկ թագուհիի մը արձանը կը գտնուէր:
Նոյն պահուն սրահին խորէն խորհրդաւոր ձայն մը կ'ըսէ.
-Դաւի՛թ...Դաւի՛թ... այսօր կեր ու խմէ՛, սակայն վաղը մի՛ մոռնար...:
Քիչ յետոյ սակայն ամէն բան իր նախկին վիճակը կ'առնէ:
Այսպէս, ամէն օր նոյն բաները կրկնուելով, տարի մը կ'անցնի: Վերջին գիշերը, երբ դեւերը կու գան ու Դաւիթ թագաւորը սրահ կը տանին, մարմարեայ արձանը յանկարծ կեանք կ'առնէ ու Դաւիթի դառնալով կ'ըսէ.
-Ոսկի մատանին քու քո՞վդ է:
-Այո՛, կը պատասխանէ Դաւիթ:
-Իսկ ո՞ւր է երկաթէ մատանին, կը հարցնէ կրկին անգամ թագուհին:
-Անիկա ձկնորս Դաւիթին քով մնաց, կ'ըսէ Դաւիթ շուարած...:
Թագուհին այս պատասխանը լսելով սաստիկ կը բարկանայ ու խելահեղ ճիչ մը արձակերով զգայազիրկ գետին կ'իյնայ: Նոյն պահուն որոտում մը կը լսուի, ամէն կողմ տակն ու վրայ կ'ըլլայ ու կղզին կը մխրճուի ծովուն մէջ:
Դաւիթ, սակայն, իր բախտաբեր մատանիին շնորհիւ կ'ազատուի: Ալիքները զինքը կը նետեն ամայի կղզի մը, ուր ուժասպառ կը փռուի ծովեզերքը:

Յաջորդ օրը այդ կողմերէն անցնող նաւու մը նաւապետը տեսնելով զինքը, կը խոստանայ թագաւորական զգեստներուն փոխարէն զայն ր երկիրը տանիլ:
Դաւիթ կը համաձայնի եւ իր երկիրը վերադառնալով մատէն կը հանէ ոսկեայ մատանին ու դարձեալ հացագործութեան կը սկսի:

Անդին, ձկնորս Դաւիթ, թէեւ երկաթէ մատանիով չէր կրցած հարստանալ, բայց եւ այնպէս, իր խելացութեան շնորհիւ անօթի ալ չէր մնացած: Երբ կ'իմանայ հացագործին Բախտակղզիէն վերադարձը, անմիջապէս զինքը տեսնելու կ'երթայ: Այս վերջինը մանրամասնօրէն ընկերոջը կը պատմէ իրեն պատահածները: Ձկնորս Դաւիթ իմաալէ վերջ այս բոլորը, կը խնդրէ ոսկի մատանին, որպէսզի անգամ մըն ալ ինք փորձէ իր բախտը:
Եւ իրապէս ալ՛ ճիշդ ու ճիշդ նոյն բաները կը պատահին իրեն ալ: Առաջին գիշերը սակայն, երբ արձաին գտնուած սրահէն նոյն խօսքերը կը լսուին, ձկնորս Դաւիթ սապէս կը պատասխանէ:
-Ես թէ՛ այսօրը կը խորհիմ եւ թէ, վաղը...:
Եւ իսկապէս, յաջորդ օրն իսկ, հացագործ Դաւիթին հանդիպած ամայի կղզին գտնելով, կը սկսի այնտեղ Բախտակղզիէն աւելի գեղեցիկ պալատներ, ապարանքներ, ճամբաեր ու պարտէզներ շինել: Աւելի վերջ Բախտակղզիի բնակիչներն ու կենդանիներն ալ կը սկսի նաւերով նոր կղզին փոխադրել:

Տարեվերջին երկու օր մնացած,պալատին մէջի մարմարեայ արձանն ալ կը փոխադրէ նոր կղզին ու զետեղել կու տայ պալատի հանդիսասրահին կեդրոնը: Իսկ վերջին օրն ալ՝ թողելով Բախտակղզին, կը փոխադրուի նոր կղզին ու կը հաստատուի իր նորակառոյց պալատին մէջ:

Կէս գիշերին նոր պալատին լոյսերն ալ յանկարծ կը մարին ու եօթը դեւերը գալով, Դաւիթը կը տանին ողջնցած թագուհիին մօտ, որ նոյն հարցումները կ'ուղղէ նաեւ Դաւիթի:
Սակայն այս անգամ թագուհին ոչ կը բարկանայ եւ ոչ ալ կը պոռայ. ամպի որոտում ու հեղեղ ալ տեղի չ'ունենար, որովհետեւ թագուհիին ուզածին պէս, ձկնորս Դաւիթ իր քով ունէր թէ՛ ոսկի եւ թէ՛ երկաթ մատանիները: Այսինքն՝ ան կրցած էր թէ՛ իր ԲԱԽՏԸ եւ թէ՛ իր ԽԵԼՔԸ միեւնոյն ատեն գործածել:

Իրականութեան մէջ, թագուհին որ տէրն էր այդ կղզիներուն եւ իրեն յարմար լաւ ամուսին մը գտնելու համար այդ հնարամտութեան դիմած էր, գոհ այդ արդիւնքէն, կ'ամուսնանայ Դաւիթին հետ:

Այսպէսով ձկնորս Դաւիթ կը դառնայ Նոր Կղզիին թագաւորը եւ իրենց հարսանեկան հադիսութիւնը օրեր կը տեւէ ու անկէ վերջ կը շարունակեն իրենց երջանիկ կեանքը:
Այսպէսով անգամ մըն ալ կը հաստատուի այն իրողութիւնը, թէ բախտը մարդուս միշտ երջանկութիւն չի բերեր ու խիլացի մարդն է որ իրեն ներկայացած բախտաբեր առիթները լաւագոյն կերպով կ'օգտագործէ ու կ'երջանկանայ:

ՎԵՐՋ
Նկարազարդում՝ Պերճուհի Չալկճեանի