ԹՌՉՈՒՆԻՆ ԲՈՅՆԸ
Աւգուստ,
իմ դպրոցական ընկերս էր, նաեւ խաղի ընկերս: Հազիւ տասնըչորս տարեկան կար,
եւ իր բարիքէն աւելի ուրիշներուն բարիքը կը մտածէր:
Դասարանին ամէնէն ընդունակ աշակերտն էր թերեւս. բայց միշտ վերջինն էր որ գովեստի մը համար կը յիշատակուէր:
Ընկերակիցներէն
ո՛չ մէկը իր ծնողքէն այնչափ առատօրէն դրամ եւ հագուստ չէր ստանար: եւ
սակայն, ամէնէն աւելի կը նեղուէր դրամի եւ հագուստի համար: Իր ժամանակը,
ստացած նուէրները, իր խնայած դրամը, բոլորը՝ ուրիշներուն կը պարգեւէր:
Անգամ մը մեր ընկերներէն մէկուն հանդիպեցաւ որ ծառէ մը թռչունի բոյն մը վար
առած էր:
-Ինծի տո՛ւր բոյնը, գոչեց Աւգուստ:
-Չեմ տար, ըսաւ տղան:
-Սա ստակը կուտամ քեզի:
-Ո՛չ, վար առնելու համար շատ նեղութիւն քաշեցի:
Աւգուստի ամբողջ հարստութիւնը այդ ստակն էր՝ զոր տղուն տալ կ՛ուզէր:
-Կ՛ուզե՞ս
նոր գլխարկս տամ փոխարէնը, հարցուց Աւգուստ նորէն: Ա՜խ, չ՜է...յարեց
մտաբերելով որ գլխաբաց շրջող աղքատ տղու մը տուած էր գլխարկը:
Խեղճ տղան չէր գիտեր թէ դեռ ի՛նչ տար. բոյնը, սիրտը կը ճնշէր:
-Բոյնը քեզի կու տամ, բայց դուն ալ փողկապիդ զարդասեղը տուր ինծի, ըսաւ ընչաքաղց տղան:
Աւգուստ
կը վարանէր: Արժէքաւոր ադամանդ մըն էր: Ասոր համար չէր որ կը վարանէր
Աւգուստ, բայց այդ ասեղը մօրմէն նուէր ստացած էր. իր մօրմէն: Եւ սակայն սա
խե՜ղճ թռչնիկները:
-Ա՛ռ, ըսաւ ան, ահա՛, գնդասեղս, տո՛ւր թռչունները:
Տղուն ուզածն ալ ատ էր, բոյնը տուաւ, գնդասեղը առաւ, կ՛ուզէր հեռանալ:
-Ինծի նայէ՛, գոչեց Աւգուստ, ինծի ցուցուր բոյնին տեղը, նորէն հոն դնել կ՛ուզեմ զայն:
Միւսը՝
ծառին վրայ բոյնին տեղը ցուցուց իրեն: Աւգուստ վեր մագլցեցաւ եւ ցոյց
տրուած ծակին մէջ հաստատեց բոյնը. կ՛ուզէր վար իջնել, յանկարծ ինկաւ եւ աջ
թեւը կոտրեցաւ:
Երբոր կապեցին կոտրած թեւը, խնդրեց ինձմէ երթալ տեսնել թէ թռչուններուն ծնողքը նորէն իրենց բոյնը եկա՞ծ էին:
Թռչունները եկած էին: Իմացուցի Աւգուստին որուն զգացած ուրախութիւնը աւելի մեծ եղաւ՝ քան թեւին պատճառած ցաւը:
❤️💙💛 Ամէն
բարիքի հիմը զոհողութիւն մը պէտք է ըլլայ: Բայց պէտք չէ բարերարել այնպէս
որ բարերարուողը կարծէ թէ կը նեղուիք. պէտք է անանկ ցոյց տաք թէ հաճոյքով
կ՛ընէք բարիքը: Այն որ բարիք մը կը գործէ, պէտք չէ որ յիշէ. յիշելու պարտքը
բարերարուողինն է: Պէտք է բարիքը գործել մի միայն բարիքի համար, առանց
անձնական նկատումներու: Տալ, տալ նոյն իսկ առատօրէն, բուն բարիքը չէ.
պահանջած զոհողութիւնը եւ այն նպատակը որուն պիտի յատկացուի՝ կը կազմեն
բարիքին բարոյական արժէքը: