samedi 29 juin 2019

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ

ԱՆՄԱՀԱԿԱՆ ԽՆՁՈՐԸ

Ժամանակին կար ու չկար թագաւոր մը կար, որ երեք չափահաս զաւակներ ունէր: Իր պալատը շրջապատուած էր գեղեցիկ պարտէզներով ուր շատ մը պտղատու ծառերու կարգին կար նաեւ անմահական պտուղներով խնձորենի մը:
Օր մը թագաւորը իր քով կը կանչէ մեծ տղան ու կ՛ըսէ.
-Տե՛ս, զաւակս. մեր պարտէզի անմահական խնձորենիին պտուղները ամէն տարի անծանօթ գողերու կողմէ կը գողցուին ու մենք այդ պատճառաւ միշտ կը զրկուինք այդ պտուղներէն. ի՞նչ ընենք, ինչպէ՞ս բռնենք այդ գողերը:
-Հայրի՛կ, եթէ թոյլատրես, ես այս տարի կը պահպանեմ անմահական խնձորենին ու կը բռնեմ գողը: Մեծ տղան կ՛առնէ իր նետն ու աղեղը ու կ՛երթայ կը նստի խնձորենիին տակ, որպէսզի տեսնէ ու բռնէ անծանօթ գողը:
Օրերով այսպէս սպասելէ վերջ, երբ այլեւս խնձորները հասունցած էին ու յաջորդ առաւօտ պիտի քաղէին, չար բախտէն տղուն քունը կը տանի: Ճիշդ այդ միջոցին ահա եօթըգլխանի հսկայ վիշապ մը գալով բոլոր խնձորներն ալ կ՛ուտէ ու կը փախչի:

Յաջորդ առաւօտ երբ տղան կ՛արթննայ, կը տեսնէ թէ գողը եկած ու բոլոր խնձորները տարած է. ամօթահար պալատ կը դառնայ:
Թագաւորին միջնեկ տղան կը խոստանայ յաջորդ տարի ինք պաշտպանել անմահական խնձորենիին պտուղները: Ու իսկապէս ալ երբ խնձորները հասուննալ սկսած էին, կ՛առնէ իր նետն ու աղեղը ու կ՛երթայ խնձորենիին տակ, հսկելու համար այնտեղ:
Այսպէս գիշեր ցերեկ անքուն սպասելէ վերջ, երբ օր մը մնացած էր հասունցած խնձորները քաղելու համար, իր ալ քունը կը տանի ու արթննալէ վերջ կը տեսնէ թէ ծառին վրայ հատ մը իսկ խնձոր չէ մնացած: Ինք ալ ամօթահար պալատ կը դառնայ

Կարգը եկած էր փոքր տղուն. ան ալ կը խոստանայ անպայման բռնել անծանօթ գողը ու իր հօր բերել անմահական խնձորները: Առնելով նետն ու աղեղը, կ՛երթայ ու կը նստի խնձորենիին տակ: Որպէսզի իր ալ քունը չտանի, կը կտրէ բթամատը ու վրան աղ կը ցանէ, այսպէսով ցաւէն արթուն կը մնայ:
Իսկապէս ալ վերջին գիշերը երբ անքուն կը սպաէր, կը տեսնէ թէ եօթըգլխանի հսկայ դեւ մը գաղտագողի կը մօտենայ ծառերուն եւ կը փորձէ ուտել խնձորները:
Ճիշդ այդ միջոցին թագաւորին քաջ տղան քաշելով նետը, դեւը ծանրապէս կը վիրաւորէ: Գազանը որ միայն մէկ գլխէն վիրաւորուած էր եւ չէր մեռած, սարսափահար կը փախչի դէպի իր որջը, որ հեռաւոր տեղ մըն էր:
Տղան չ՛ուզէր թողուլ դեւը, որովհետեւ գիտէր թէ ան մեռած չըլլալով, կարճ ատենէն պիտի բուժուէր ու վրէժ լուծելու համար շատ մը չարիքներ պիտի հասցնէր իրեն: Այդ պատճառաւ կ՛ուզէ անպայման ձեռք անցընել ու սպաննել չար դեւեր:
Այսպէս տղան հետապնդելէ ու տեսնելէ վերջ դեւին որջը, որ ջրհոր մըն էր, կը վերադառնայ պատէզ ու անմահական խնձորները քաղելով կը տանի հօրը: Հայրը շատ կ՛ուրախանայ, կը գրկէ ու կը համբուրէ զինքը: Միւս կողմէ թագաւորը կը հրամայէ նաեւ իր զաւակներուն, որ միասնաբար երթան ու գտնեն չար դեւը, ու որպէս զի յառաջիկային իրենց չարիք մը չհասցնէ, սպաննեն զայն:
Երեք եղբայրներ հնազանդելով իրենց հօր հրամանին խմբովին կը մեկնին: Բաւական երթալէ վերջ կը հասնին այն ջրհորին քով, ուր մտած էր չար դեւը: Որովհետեւ հօրը շատ խորունկ էր մեծ եղբայրը չի համարձակիր մէջը մտնել: Անկէ աւելի վախկոտ էր միջնեկ եղբայրը. որ հորին մօտենալ անգամ չէր ուզեր: Փոքր եղբայրը ամենէն քաջն էր, կ՛երթայ պալատ ու հաստ չուան մը կը բերէ. զայն ամրօրէն կը կապէ իր մէջքին ու կը պատուիրէ եղբայրներուն որ չուանին ծայրէն բռնելով զինքը դէպի հոր իջեցնեն, ուր պահուըտած էր դեւը:

Երկու եղբայրները շատ կ՛ուրախանան այս կարգադրութեան համար. որովհետեւ կերպով մը ազատուած կ՛ըլլային վտանգաւոր գործի մը ձեռնարկելէ: Իրականութեան մէջ վախկոտ էին եւ չէին համարձակեր դեւին հետ կռուիլ:
Այսպէս գոհ սրտով, կը թողուն որ իրենց փոքր եղբայրը այս վտանգաւոր գործը ձեռք առնէր, չուանին կապուած իրենց եղբայրը կը սկսին կամաց կամաց հորին մէջ իջեցնել: Հորը շատ խորունկ էր եւ գրեթէ օր մը ամբողջ աշխատեցան: Ի վերջոյ տղան հորին յատակը կը հասնի, նախ մութէն բան մը չի կրնար տեսնել: Աւելի վերջ աչքերը մութին կը վարժուին կը տեսնէ դուռ մը, ուր բանալով զայն ներս կը մտնէ: Այնտեղ ինքզինքը կը գտնէ սենեակի մը մէջ ուր նստած է շատ գեղեցիկ աղջիկ մը: Աղջիկը զարմացած կը հարցնէ տղուն.
-Այստեղ երկինքի թռչունները ու գետնի օձերն անգամ չեն կրնար գալ, դուն ինչպէ՞ս եկար: Շո՛ւտ հեռացիր այստեղէն, թէ ոչ ծունկիս վրայ պառկած սա դեւը քեզ կը սպաննէ:
-Ես այստեղ եկած եմ այդ չար դեւը սպաննելու համար, կը պատասխանէ տղան, ու սուրի մէկ հարուածով կը սպաննէ դեւը: Աղջիկը շատ կ՛ուրախանայ, որ ազատուած է չար դեւէն ու կ՛ըսէ.
-Ա՛յ, տղայ, եթէ այսքան քաջ եւ ուժով ես, գնա՛ քովի սենեակը, այնտեղ կայ դեւին միւս եղբայրը, որ իր քով բանտարկած է միջնեկ քոյրս. եթէ ան ալ ազատես շատ երախտապարտ կ՛ըլլանք քեզի:
Տղան իսկոյն կ՛երթայ քովի սենեակը եւ կ՛ազատէ նաեւ միջնեկ քոյրը, որ բանտարկուած էր դեւին կողմէ: Երկու քոյրերը կ՛աւելցնեն թէ, քովի սենեակին մէջ ալ իրենց ամենափոքր քոյրը բանտարկուած է: Տղան ան ալ կ՛ազատէ: Փոքր քոյրը որ շատ գեղեցիկ էր, սապէս կ՛ըսէ:
-Մենք թագաւորի մը երեք աղջիկներն ենք, քանի որ մեզ ազատեցիր, ես պիտի ամուսնանամ քեզի հետ,՝ իսկ միւս քոյրերս ալ միւս եղբայրներուդ հետ: Ուրեմն վեր ելլենք:
Երեք աղջիկներն ու տղան, անմիջապէս կը հաւաքեն դեւերուն գանձերը, ու զանոնք տոպրակներու մէջ լեցնելով կու գան հորին տակ: Վարէն փոքր եղբայրը վերը սպասող եղբայրներուն կը բացատրէ ամէն բան: Անոնք ալ շատ կ՛ուրախանան ու կը սկսին վեր քաշել երեք աղջիկները: Սակայն չար նախանձով մը, չեն ուզեր վեր քաշել իրենց եղբայրը, որպէս զի դեւերուն բոլոր հարստութիւնը իրենց մէջ բաժնեն: Նոյնպէս կ՛որոշեն իրենց հօր ըսել, թէ իրենք սպասած են չար դեւերը: Փոքր քոյրը որ չէր երեւակայէր թէ երկու եղբայրները իրենց փոքր եղբօր համար այսպիսի չարութիւն մը կրնային խորհիլ, ի զուր կը սպասէ որ փոքր տղան ալ վեր քաշեն:

Մինչ այդ կ՛ուրախանայ խորհելով թէ, ինք իր նշանածին նախապէս թուղթի կտոր մը տուած էր, պատուիրելով որ որեւէ նեղութեան ենթարկուած պահուն, այրէ այդ թուղթը ու իր ուզածը անմիջապէս կը կատարուի: Նոյնպէս վստահ էր թէ իր նշանածը շատ խելացի ու քաջ մէկն էր եւ շուտ մը կ՛ազատէր:
Տղան կը հասկնայ իրեն պատահածը: Ասդին անդին պտտելէ վերջ կը տեսնէ երեք ոչխարներ որոնք ջուր կը խմէին: Անմիջապէս կը յիշէ իր նշանածը որ ըսած էր: Եթէ այստեղ մնաս դէմդ պիտի ելլեն երեք ոչխարներ, կարմիր, ճերմակ եւ սեւ:
Եթէ ճերմակին վրայ նստիս, ան քեզի դուրս կը հանէ, իսկ եթէ սեւին վրայ նստիս, ան քեզի մութ աշխարհ կը տանի: Տղան կը փորձէ ճերմակ ոչխարին վրայ նստիլ, սակայն սխալմամբ սեւին վրայ կը նստի ու ան ալ զինքը կը տանի մութ աշխարհ մը:Մութ աշխարհին մէջ բաւական շրջագայելէ վերջ, հեռուն կը տեսնէ տնակ մը, ուր կը բնակէր ծերուկ կին մը: Պառաւը սիրով կը հիւրասիրէ զինքը: Տղան կը տեսնէ թէ պառաւին խմելու ջուրը շատ պղտոր է ու կը հարցնէ պատճառը:
-Պատճառը, սա է, կը պատասխանէ պառաւը. մեր երկրի աղբիւրին քով կայ չար դեւ մը որ միշտ կը պղտորէ մեր ջուրը. ամէն օր անոր աղջիկ մը կը տանինք որպէս զի ուտէ, եւ թողու որ քաղաք ջուր գայ: Ալ աղջիկ չմնաց, կարգը թագաւորին աղջկան եկած է:

Տղան երբ այս խօսքերը կ՛իմանայ, անմիջապէս սուրը առնելով աղբիւրին մօտ կ՛երթայ, ազատելու համար թագաւորին մանկամադր աղջիկը: Իրաւ ալ աղբիւրին գլուխը կը տեսնէ եօթըգլխանի չար դեւը, որ կը պատրաստուէր ուտել թագաւորին աղջիկը: Ճիշդ այդ պահուն տղան քաշելով սուրը, մէկ հարուածով կը թռցնէ եօթը գլուխներն ալ ու սպաննելով դեւը կ՛ազատէ աղջիկը: Թագաւորին աղջիկը ազատուած ուրախ զուարթ պալատ կը վերադառնայ ու քաղաքն ալ մաքուր ջուր կ՛ունենայ: Թագաւորը իր աղջիկը կորսուած կը նկատէր, երբ իր դէմ կը տեսնէ զայն, շատ կ՛ուրախանայ ու կը հարցնէ թէ ո՞վ ազատեց զինքը: Աղջիկը կը պատմէ պատահածը. այն ատեն թագաւորը պալատին առջեւ կանչել կու տայ իր երկրին բոլոր երիտասարդները, որպէս զի աղջիկը անոնց մէջէն գտնէ զինքն ու քաղաքը չար դեւէն ազատող քաջ երիտասարդը: Աղջիկը կը ճանչնայ ու կը ներկայացնէ իր հօրը: Թագաւորը տղուն կ՛ըսէ թէ ի՛նչ որ ուզէ պիտի տայ իրեն: Տղան կ՛ուզէ լոյս աշխարհ երթալ:
Թագաւորը կը պատասխանէ ըսելով թէ, ինք այդ կարողութիւնը չունի: Միայն թէ իր անտառին մէջ կայ Զմրուխտ Թռչունը որ կրնայ իր ուզածը ընել: Սակայն այնտեղ ալ չար դեւ մը Զմրուխտ Թռչունին ձագուկները միշտ կ՛ուտէ, եթէ չար դեւն ալ սպաննէ, այն ատեն Զմրուխտ Թռչունը զինքը դիւրութեամբ լոյս աշխարհ կը տանի: Տղան կ՛երթայ անտառ, կը գտնէ չար դեւը ու սուրի մէկ հարուածով կը սպաննէ զայն: Զմրուխտ Թռչունը շատ կ՛ուրախանայ ու կը խոստանայ կատարել իր ուզածը:

Մինչ այդ Զմրուխտ Թռչունը տղայէն կը պահանջէ քառասուն տիկ մաքուր ջուր ու քառասուն հատ ալ ոչխարի դիմակ, որպէս զի ճամբու ընթացքին, որ քառասուն օր պիտի տեւէր, ուտէ ու ուժ ամբարէ: Տղան անմիջապէս կը կատարէ Զմրուխտ Թռչունին ուզածը: Կը հեծնէ Զմրուխտ Թռչունին քամակը ու կը սկսի թռչիլ: Այսպէս քառասուն օր ու քառասուն գիշեր թռչելէ վերջ կը հասնին տղուն հօր երկիրը: Տղան թռչունին շնորհակալութիւն կը յայտնէ, զինքը լոյս աշխարհ բերած ըլլալուն համար:
Տղան երբ իր հօրը երկիրը կը հասնի, իր դէմ կ՛ելլէ հովիւ մը: Տղան չ՛ուզէր անմիջապէս հօրը պալատը երթալ ու կ՛ուզէ հասկնալ թէ, իր եղբայրները իր մասին ի՞նչ ըսած են իրենց հօր: Ուստի կ՛որոշէ ծպտուելով շրջագայիլ քաղաքին մէջ:

Աղքատիկ հովիւին կու տայ իր իշխանական զգեստները ու անկէ կ՛առնէ հովիւի խեղճուկ հագուստներն ու գլխանոցը, որպէսզի զանոնք հագուելով անճանաչելի դառնայ:
Մինչ այդ չար եղբայրները իրենց հօր այնպէս հաւատացուցած էին թէ, իրենք սպաննած էին չար դեւը ու իրենց փոքր եղբայրնին ալ կորսուած: Պալատականներուն բոլոր փնտռտուքները պարապ ելած էին անշուշտ:
Տղան քաղաքին մէջ բաւական շրջագայելէ վերջ կը կենայ ոսկերիչի խանութի մը առջեւ ու խանութպանէն կը խնդրէ որ իբրեւ աշկերտ ընդունի զինքը: Ոսկերիչը կ՛ընդունի զինքը իր խանութին մէջ ու այնուհետեւ տղան կը սկսի աշխատիլ այնտեղ:
Այդ միջոցներուն պալատականները, որոնք չէին կրցած գտնել փոքր տղան, կ՛առաջարկեն թագաւորին, որպէսզի, երբ կորսուած է անիկա, գոնէ ամուսնացնէ իր միջին ու մեծ զաւակները: Թագաւորը կը յօժարի: Փոքր աղջիկն ալ կ՛ուզէ սակայն ամուսնացնել իր նախարարապետի տղուն հետ
Աղջիկը ճարահատ կ՛ընդունի, սակայն վստահ ըլլալով որ իր նշանածը ուշ կամ կանուխ պիտի վերադառնայ, ժամանակ շահելու համար, սա պայմանները կ՛առաջարկէ թագաւորին:
-Հաճեցէք ինծի նուիրել հետեւեալ իրեղէնները. երեք հատ ոսկի ափսէներ, որոնց մէջ պիտի գտնուին նոյնպէս ոսկիէ շինուած երկու կաքաւներ, ոսկիէ աքաղաղ մը ու հաւ մը ու ոսկիէ աղուէս մը ու շուն մը որոնք գտնուին այդ ափսէներուն մէջ:

Թագաւորը կը հաւանի ու անմիջապէս պալատ կը հրաւիրէ իր ոսկերչապետը ու կը պատուիրէ երեք օրուան մէջ պատրաստել ուզուածները, ու կու տայ պէտք եղած ոսկին:
Խեղճ ոսկերչապետը որ թագաւորին փոքր տղուն վարպետն էր, տրտում տխուր կը վերադառնայ խանութ, վստահ ըլլալով որ եթէ թագաւորին հրամանը չկարենայ կատարել, դահիճները իր գլուխը կը կտրեն: Երբ այսպէս կը խորհէր, տղան կը մօտենայ ու կը հարցնէ պատճառը. վարպետը մանրամասնօրէն կը պատմէ ամէն բան. այն ատեն կը պատասխանէ ըսելով թէ, մտահոգուելու բան չկայ ու ինք թագաւորին ուզածները այս գիշեր իսկ կրնայ պատրաստել ու վաղը կարելի է զանոնք թագաւորին յանձնել:

Ոսկերչապետ անշուշտ, չէր հաւատար իր աշերտին խօսքերուն. տակաւին նորեկ այդ աշկերտը ինչպէ՛ս մէկ գիշերուան մէջ պիտի պատրաստէր այդ ապսպրանքները: Տղան սակայն շատ լաւ գիտէր իր ընելիքը. այդ առարկաները տեսած էր դեւին որջին մէջ, աղջիկներուն սենեակը. անմիջապէս գրպանէն կը հանէ իր նշանածին տուած թուղթը, համաձայն անոր պատուէրին կ՛այրէ զայն ու մտքէն կը կրկնէ այն բաները, զոր թագաւորը ուզած էր ոսկերչապետէն:

Իրաւ ալ առաւօտուն երբ վարպետը մտահոգ խանութ կու գար, զարմացմամբ կը տեսնէ թէ իր աշկերտը թագաւորին բոլոր ուզածները պատրաստած էր. իրականութեան մէջ տղան մոգական թուղթը այրելով իրականացուցած էր իր փափաքները: Ոսկերչապետը անմիջապէս պալատ կը տանի թագաւորին ուզածները ու թագաւորն ալ զանոնք կը յանձնէ աղջկան: Աղջիկը ի տես ասոնց, կը հասկնայ թէ զանոնք ղրկողը իր նշանածն է, սակայն առարկութիւն չի կրնար ընել:
Մինչ այդ պալատին մէջ հարսանեկան պարաստութիւնները կը տեսնուէին, ամուսնացնելու համար երեք տղաքն ու աղջիկները: Թագաւորին փոքր տղան սակայն, կը տեսնէ թէ կորսնցնելու ատեն չկայ. կ՛այրէ իր նշանածին տուած մոգական փետուրը ու անմիջապէս քովը կու գան իր հրեղէն ձին ու իշխանական հագուստները: Անմիջապէս կը հագուի իշխանական հագուստներն ու հեծնելով հրեղէն ձին, կ՛ուղեւորուի հօրենական պալատը:

Այնտեղ բոլոր պալատականները հագուած իրենց տօնական զգեստները, հեծած էին իրենց արագավազ ձիերուն վրայ: Անոնք թագաւորին, թագուհիին, իշխաններուն, իշխանուհիներուն ներկայութեան կը կատարէին զինուորական խաղեր ու մարզանքներ, ցոյց տալով անոնց իրենց հնարքները:
Ճիշդ այդ միջոցին պալատ կը հասնի թագաւորին պզտիկ տղան. պալատականները ու հիւրերը զայն կը նկատէին, եւ չէին ենթադրեր թէ եկողը թագաւոդին փոքր տղան է. ուստի ան առանց ինքզինքը յայտնելու կը մասնակցի զինուորական խաղերուն ու մարզանքներուն: Իրականութեան մէջ քաջ մարզիկ մը ու զինուոր մըն էր միանգամայն եւ կարճ ատենէն բոլորին ալ կը յաղթէ ու կը փախցնէ:

Թագաւորը կ՛ուզէ ճանչնալ այս կտրիճ երիտասարդը ու երբ ան իր հօր կը մօտենայ, ան անմիջապէս կը ճանչնայ իր սիրելի զաւակը, կը գրկէ ու կը համբուրէ զայն: Ճիշդ այդ միջոցին կու գայ նաեւ տղուն նշանածը:

Երկու նշանածներ մանրամասնութեամբ թագաւորին կը պատմեն բոլոր պատահածները: Թագաւորը շատ կը բարկանայ ու իր մօտ կանչելով դահիճները կը հրամայէ.
-Անմիջապէս այստեղ բերէ՛ք իմ երկու զաւակներս, որոնք այնքան չարիքներ հասցուցած են իրենց փոքր եղբօր ու կախաղան բարձրացուցէք զանոնք որպէս զի ամէն մարդ տեսնէ թէ ինչպէս կը պատժուին չարերը:

Փոքր եղբայրը սակայն, որ շատ բարեսիրտ էր, կը խնդրէ, կ՛աղաչէ իր հօրմէն. որպէսզի իրենց սիրոյն այս անգամ ներէ անոնց: Թագաւորը կը հաւանի ու կը ներէ: Կ՛ամուսնացնէ իր երեք զաւակներն ալ իրենց նշանածներուն հետ, սակայն որպէս նուազագոյն պատիժ. երկու զաւակները ժառանգութենէ կը զրկէ ու կ՛որոշէ որ իր մահուընէ վերջ գահ բարձրանայ իր փոքր զաւակը:

Նկարազարդում՝ Պերճուհի Չալկճեանի