dimanche 3 décembre 2023

Կաղանդ Պապուկի Փաթթուկը Սպիտակ Արջուկին

(Հեքիաթներու Աշխարհէն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ճիշդ է, որ դարերու խորերէն եկող համամարդկային տիպար մըն է Կաղանդ պապուկը, որուն առասպելական հեքիաթները փոխանցուած են սերունդէ սերունդ: Ան եղած է երազներու աղբիւրն ու  փափաքներու շտեմարանը: Անոր ներկայութեան ո՛չ միայն փոքրիկներն են ուրախացեր, այլ նաեւ չափահասներն ու տարեցները:

Իրօք, Կաղանդ պապուկը, շնորհիւ իր անբիծ, առաքինի ու անաչառ կոչումին, կրցած է թափանցել իւրաքանչիւրիս ներաշխարհը եւ հոն կառուցած է  ազնուութեան, մեծահոգութեան եւ իրարօգնութեան պալատը:

Պալատ, որուն սեփականատէր կը դառնայ ամէն անհատ, որ ունի սիրոյ, խղճմտանքի, նուիրումի ու վեհանձնութեան բարեմասնութիւններ:

Ի զուր չէ, որ մարդկութիւնը իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին զարմանալի մղումով եւ հոգեկանութեամբ մը թաթաւուն` կառչած է Կաղանդ պապուկին, որուն կարմրուկ այտերը, բարութեամբ յագեցած ժպիտը, վստահութիւն ներշնչող սպիտակ մօրուսն ու կենսախինդ տարազը ներշնչման աղբիւր են եղած դարեր շարունակ:

Աւելի՛ն. Կաղանդ պապուկին հզօր ու անկոտրում կամքը, բիւրեղացած շունչն ու եզակի մարդասիրութիւնը եղած են սրտապինդ յատկութիւններ, որոնցմով ան կրցած է գօտեպնդել բոլոր անոնք, որոնք դիմած են իրեն, սպասած են անոր գալուստին, ապրած են ու տակաւին կ՛ապրին իրմով եւ մեծապէս կը հրճուին իր ներկայութեամբ:

Մտահան պէտք չէ ընել նաեւ այն, որ Կաղանդ պապուկին ճառագայթող աչքերուն եւ հոգեկան լոյսին ազդեցութեան ներքեւ, անուղղայ եւ տկլոր արարածներն անգամ պահիկ մը անդրադարձած են իրենց գործած սխալներուն, թերութիւններուն եւ անախորժ վարքագիծերուն ու լծուած են ինքնասրբագրութեան աշխատանքին:

Ահաւասի՛կ, հեքիաթային տիպարի մը առասպելատիպ ուժին տարողութիւնը:

Արդ, ժամանակի ընթացքին ի յայտ կու գայ երեւոյթ մը, որուն ծանօթ չէ եղած ցարդ մարդ արարած, ինչ-ինչ պատճառներով: Վերջին շրջանին, գիտնականներ նկատած են, որ անասուններն անգամ շատ սիրած են երկրագունդի բեւեռներու յաւիտենական բնակիչ` Կաղանդ պապուկը: Փաստօրէն, հիւսիսային սառուցեալ բեւեռներու անասունները մօտէն ծանօթ են եղած մարդու այս տեսակին, որ աշխարհ է եկած յատուկ առաքելութեամբ, յանուն մարդ արարածին երջանկութեան, խաղաղութեան եւ երկրագունդի պաշտպանութեան: Իր կարգին, Կաղանդ պապուկն ալ յաճախակի այցելութիւններ է տուեր եւ զրուցեր բոլոր անասուններուն հետ, որոնց հանդիպեր է իր ճամբուն  վրայ:

Այս ձմրան, Ամանորին առիթով, երբ նուէրները բեռցուցած իր սահնակին վրայ եւ եղջերուներուն հետ միասին կ՛ուղղուէր դէպի այն երկիրները, ուր զինք կը սպասէին բազում փոքրիկներ եւ չափահասներ, որպէսզի ստանան իրենց նուէրները, բեւեռային ձիւնապատ մէկ ճանապարհին, Կաղանդ պապուկը կը հանդիպի իր շատ սիրելի բարեկամ սպիտակ արջուկներուն, որոնք կարծես անհամբեր կը սպասէին զինք` պատմելու իրենց մտահոգութիւններուն ու տառապանքին մասին:

Կաղանդ պապուկը կանգ կ՛առնէ ու կը սկսի մտիկ ընել տարեց սպիտակ արջուկին այնքան յուզաթաթախ եւ սրտաճմլիկ պատմութեան:

Տարեց արջուկը կը սկսի պատմել, թէ օր մը երկու չափահաս սպիտակ արջեր երբ կը զրուցէին իրարու հետ, անոնց կը միանայ փոքրիկ արջուկը: Ան, ըստ սովորութեան, բաժնուեր էր իր ծնողքէն` պտոյտ մը  կատարելու եւ որսորդութեան վարժ դառնալու: Հայր արջը, տեսնելով մարդ արարածի վայրենի եւ նիւթապաշտ վերաբերումը բնութեան բարիքներուն հանդէպ, եւ նկատի ունենալով, որ բնութեան կորուստը նաեւ կորուստն է կենդանական եւ բուսական աշխարհին, կը գանգատի` ըսելով.

– Միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր երկրագունդի բեւեռային շրջաններու կենդանիները կ՛ապրէին խաղաղ եւ առանց մտահոգութիւններու: Եւ, հակառակ սառոյցի եւ սաստիկ ցուրտի գոյութեան, կենդանական աշխարհի տարբեր տեսակներ իրենց սնունդը կ՛ապահովէին շատ անգամ կապոյտ երկինքին ժպիտին ներքեւ:

Մայր արջը իր կարգին կ՛աւելցնէ, թէ այն օրէն, երբ մարդ արարած իր ոտքը դրաւ այս գեղեցիկ ու հրաշալի բնութեան հողին վրայ, արդէն խախտեցաւ հաւասարակշռութիւնը: Մարդու կոշտ ու կոպիտ վերաբերումին պատճառով մեր տան ճրագը սկսաւ կորսնցնել իր փայլքը, այսինքն` նորածին արջուկներու ծնունդը նուազեցաւ, այս շրջանին մէջ ապրող անասուններուն դէմքն անգամ փոփոխութիւն կրեց` ահ ու սարսափի արտայայտութիւն ունենալով, որովհետեւ որսորդներ իրենց հաճոյքը գոհացնելու համար կը դիմէին անհեռանկար եւ վայրենի ձեւերու, կը քանդէին ու կը բնաջնջէին ամէն ինչ:

Հայր արջը աւելի նեղացած կը մտածէր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ազատիլ այս փորձանքէն, երբ աշխարհի տարածքին` կենսոլորտի փոփոխութիւնը, մարդ արարածին վառելանիւթի անխնայ գործածութիւնը, ջերմաստիճանի բարձրացումն ու օդին մէջ արձակուած թունաւոր կազերու առատութիւնը, արդէն ուղղակիօրէն պատճառ կը դառնային երկրագունդի բեւեռներու սառոյցի արագ հալելուն:

Մայր արջին աչքերուն մէջ զգալի էր գոյութիւնը արցունքի կաթիլներուն: Ան գիտակից էր, որ երբ նման քանդում շարունակուի` կենդանական աշխարհին ապագան այդքան ալ փայլուն պիտի չըլլայ: Այս միջոցին անոր աչքերը յարեցան իր ձագին, որ եկած ու հանգչած էր մօր գիրկը: Փոքրիկ արջուկին անակնկալ փաթթուկը իր մօր ստեղծած էր այնպիսի զգացում մը, զոր կարելի չէր նկարագրել: Արջուկը զգացած էր իր ծնողքին ապրած վախը, երբ ուշի-ուշով մտիկ ըրած էր իր ծնողքը:

Հայր ու մայր արջերը, քիչ մը անակնկալի եկած այս ջերմ փաթթուկին ազդեցութենէ, կը սկսին մտածել ելքի մը մասին: Անոնք կ՛որոշեն հաւաքի մը հրաւիրել սառուցեալ բեւեռի բոլոր անասունները, որպէսզի միասին մտածեն եւ յարմար որոշումի մը յանգին:

Անոնք կը փոխանցեն, թէ պէտք է միջոց մը գտնեն պարզապէս իրենք զիրենք փրկելու եւ մարդ արարածը գիտակցութեան մղելու: Որովհետեւ երբ մարդը կը կործանէ բնութիւնը, ինքզինք մոխրակոյտի պիտի վերածէ ուշ կամ կանուխ:

Մայր արջը համախմբուած անասուններուն կ՛առաջարկէ ձեւ մը, որ, ըստ իրեն, պիտի կարենայ ազդել մարդու գիտակցութեան վրայ, եւ այսպիսով պիտի կարենային փրկել մարդն ու երկրագունդը: Ան յիշեց իր ձագին փաթթուկը եւ բոլորին ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ միտքը` ըսելով.

– Եթէ մենք` անասուններս, քաջ գտնուինք եւ առանց վախի փաթթուկ ընենք մեր ձագուկներուն` ամէն անգամ որ որսորդ տեսնենք, փոխանակ փախչելու եւ կամ յարձակելու անոնց վրայ, պիտի գայ ժամանակ մը, երբ մարդ անդրադառնայ եւ զգաստանայ: Մնացեալ անասունները կը համոզուին եւ կ՛ուզեն փորձել այս միջոցը:

Կը պատմուի, որ ժամանակ մը ետք, որսորդները ուղղակի կը զարմանան, երբ կը տեսնեն բեւեռային անասուններ` սպիտակ արջեր, փոկեր, նապաստակներ, աղուէսներ, զանազան տեսակի թռչուններ փաթթուած իրարու եւ առանց վախի կանգնած են իրենց դիմաց: Անասուններու պատգամը յստակ էր. այդ երկրամասը պիտի փրկուէր ահաւոր քանդումէ եւ ոճիրէ: Կը մնայ, որ բեւեռախոյզ գիտնականներ համարձակ ըլլան, ինչպէս կենդանիները, եւ պախարակեն մարդ արարածին քանդիչ բնազդը եւ զանոնք ուղղեն դէպի ապահով ապագայ:

Տարեց արջուկը երբ աւարտեց իր պատմութիւնը, նկատեց, որ Կաղանդ պապուկի կարմրուկ այտերուն վրայ կը սահէին բոցկլտող արցունքներ, որոնք ձեւով մը ցոյց կու տային անոր ընդվզումն ու խոր անհանգստութիւնը: Չէ՞ որ ան սիրոյ, խաղաղութեան, երջանկութեան եւ երազներու իրականացման պատգամաբերն էր եւ դարեր շարունակ առանց խտրութեան օգնած էր ամբողջ մարդկութեան:

Կաղանդ պապուկը խորասուզուած կը մտածէր, թէ ի՞նչ կարելի է ընել ի տես նման կացութիւններու, ինչպիսի՞ միջոցներու պէտք է դիմէր փրկելու համար այս գեղեցիկ աշխարհն ու անասունները, յարձակողապաշտ, նիւթին գերին դարձած եւ վայրենիացած մարդ արարածին ձեռքէն:

Կաղանդ պապուկը, մեծապէս հիացած փոքրիկ արջուկի կատարածէն, որ իր հրաշալի փաթթուկով կ՛ուզէր փրկել անասուններն ու մարդկութիւնը, իր կարգին մտածեց, որ անիկա նորաստեղծ ուժ մըն է` մարդկութեան գիտակցութեան յանձնուած, որով կարելի է զգաստութեան հրաւիրել դէպի ինքնասպանութիւն սուրացող մարդ արարածը:

Այս միջոցին, երբ արդէն Կաղանդ պապուկը հրաժեշտ կու տար տարեց արջին, յանկարծ դէպի իրեն կը վազէ փոքրիկ սպիտակ արջուկ մը` խանդավառ ու ուրախ, եւ իր անուշիկ թաթերով ամուր կը փաթթուի Կաղանդ պապուկին, կարծես ըսել կ՛ուզէր, որ երբ ան հանդիպի փոքրիկներու, անոնց յիշեցնէ, թէ իրենց նման փոքրիկ արջուկներ ամէն վայրկեան ենթակայ են սպանդի ու բնաջնջումի, մարդ արարածին քմայքին եւ վայրագ բնազդին զոհ դառնալով:

Կաղանդ պապուկի այտերը աւելիով կարմրեցան զգալով արջուկի փաթթուկին ջերմութիւնը: Պատգամը ըմբռնած էր. իրմէ կ՛ակնկալուէր լուրջ աշխատանք:

Ան, նախքան իր սահնակին վրայ նստիլը, մօտեցաւ իր եղջերուներուն, նայեցաւ անոնց փայլուն աչքերուն խորը, զգաց մտերմութիւնը եւ իր կարգին անոնց փաթթուելէ ետք սկսաւ իր ճամբորդութեան:

Մե՛նք ալ Կաղանդ պապուկին կը սպասենք անհամբեր: