dimanche 10 décembre 2023

Ամանորի-Կաղանդի Հայկական Աւանդութիւններ🎅⭐️🎄✨

«Ամանոր»ը շատ հինէն եկած եւ բոլոր ժողովուրդներուն համար եղած է ամենակարեւոր տօներէն մէկը. ան նկատուած է ուրախութեան եւ տօնախմբութեան օր։ Ժողովուրդներ նախաքրիստոնէական շրջանին կը պաշտէին արեւը, կրակը, ջուրը, հողը, ինչպէս նաեւ որոշ կենդանիներ. իւրաքանչիւրը ունէր իր չաստուածը եւ անոնց նուիրուած հանդիսութիւններ կը կատարէին։
Յունուար 1-ը, իբրեւ նոր տարուան սկզբնաւորութիւն, շատ ուշ ընդհանրացած է։ Զանազան ազգերու մօտ, նախապէս տարբեր սովորութիւններ կային եւ Նոր Տարին տարբեր ժամանակներու կը տօնէին։
Հին Եգիպտացիներուն Նոր Տարին կը սկսէր այն օրը, երբ Շնիկ աստղը առաջին անգամ կը տեսնուէր (Յուլիս 19-20)։ Բաբելոնցիները կը տօնէին գարնան գիշերահաւասարին՝ Մարտ 21-ին. այդ տօնը նուիրուած էր իրենց գերագոյն Աստուծոյ։ Հռոմէացիները՝ Մարտ 1-ին, Բիւզանդացիները՝ Սեպտեմբեր 1-ին. իսկ հայերը տարբեր ամիսներուն, տարբեր ժամանակներու ընթացքին։
Հեթանոսական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած է Նաւասարդ, որ կազմուած է Նաւա-նոր եւ սարիդա-տարի բառերով եւ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին որպէս հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն։ Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ. այդ առթիով կը կատարուէին խրախճանքներ, գուսանական թատերախաղեր, չաստուածներուն կը մատուցէին զոհեր, եւայլն...։
Կը պատմուի, որ Լատիններուն մօտ, երկար ատեն վիճաբանութեան առարկայ դարձած է, թէ ի՞նչ անուն պէտք է կրէ տարուան առաջին ամիսը. Յանոս՝ որ խաղաղութեան աստուածն էր, թէ Մարս՝ որ պատերազմի աստուածն էր։ Ի վերջոյ, մեծամասնութեան համաձայնութեամբ, որոշած են որ տարուան առաջին ամիսը սկսի Յանոս-Յունուար անունով, այն ակնկալութեամբ, թէ ամբողջ տարին ըլլայ համեմատաբար խաղաղ։
Արեւմուտքի մէջ Յունուար 1-ը որպէս Նոր Տարի ընդունելութիւն գտած է ԺԴ. դարու վերջաւորութեան։ Հայստանի զանազան շրջաններուն մէջ շարունակուած է Նաւասարդը գոյութիւն ունենալ, որպէս Նոր Տարի։ Հաւանաբար, 1650-ական թուականներուն, հետեւելով Հռոմէացիներուն, հայերը Նոր Տարին կապեցին Յիսուսի ծննդեան տօ¬ նին եւ սկսան տօնել Յունուար 1-ին։
Հետագային, յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ընդհանրացաւ Ամանորի նոր անունը՝ Կաղանդը, որ կը նշանակէ կանչել-կոչել ամսուան մուտքը։ Լատիներէն՝ Կալանդիա, Յունարէն Քալիանս։ Կան նաեւ հետեւեալ անունները, որոնք նոյն իմաստը ունին, կաղինդ, կալոնտար, տարեգլուխ, տարեմուտ։

Հայկական աւանդութիւններ եւ սովորութիւններ

Նոր տարուան նախօրեակին, հայ ժողովուրդին հետ կապուած շատ սովորութիւններ կան, յիշենք հետեւեալները։
ա) Նոր Տարուան-Կաղանդի խորհրդանիշեր՝
Տօնածառը, Ձմեռ Պապին ներկայութեամբ

Տօնածառի ծագումն ու ընդհանրացումը յստակ կերպով չէ լուսաբանուած։ Հինէն, բոլոր կրօններուն մէջ գոյութիւն ունեցած է ծառի պաշտամունքը։ Հայ ժողովուրդին համար Սօսին եւ Բարտին եղած են «Կենաց Ծառ»։ «Սօսեաց Անտառը» եղած է Դիցաբանութան հաւատավայրը, որ իր մէջ կը պարփակէր բարօրութեան, առատութեան յատկանիշեր։
Հեթանոսական շրջանին, քուրմերը ամսուան առաջին օրը, ժողովուրդը կը հրաւիրէին պաշտամունքի, ներկայ կþըլլային թագաւորներ եւ իշխաններ, շատ շքեղ ձեւով կը զարդարէին մեհեանները։ Ապա, սկսան զարդարել տօնածառը, խնձորով, նուռով, կաղինով եւ գունաւոր լաթերով ու կը կատարէին իրենց ուխտը, բարօրութեան, առողջութեան եւ խաղաղութեան խնդրանքներով։

բ) Տօնը կանխող տղոց շնորհաւորութիւնները
Սովորութիւն էր Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը, որ տղաք խմբովին տունէ¬տուն երգելով, պարելով պտտէին։ Ծխնելոյզէն կ'իջեցնէին կախուկ, գօտեկախ, Ալէլուիա, գուլպաներ տնեցիներուն, ընտանիքի բոլոր մեծ թէ փոքր անդամներուն գովքը կ'ընէին, ճաշատեսակներէն կը խնդրէին եւ բարի մաղթանքներով կը հեռանային։
¬Այսօր կախ է, վաղը կաղանդ է, տանտիկին, տանտիկին, ե՛լ, գնա՛ մարագն ի վար, կարճ բռնէ, երկայն կտրէ։

գ) Տօնական յատուկ ուստեստեղէններ
Սեղանը կը զարդարէին եօթը տեսակ ուտելիքներով, առհասարակ չորցուած պտուղներ.- Չիր, չամիչ, թուզ, պաստեղ, կաղին, փշատ, նուռ, արմաւ, բոված սիսեռ, բոված ցորեն։
Ճաշ։ Նաւասարդի կորկոտ, Ղարաբաղի հարիսա, խորու, փերփեր ապուր, թոփիկ քէշկէկ, Պոլսոյ անուշապուր։
Խմորեղէն։ Կաթա, բոկեղ, կլոճ, տարի հաց, սեղանը կը լուսաւորուէր չաթալ մոմերով։


դ) Կաղանդչէքներ
Փոքրիկներուն եւ հարսնցուներուն կը տրուէր նուէր կամ զուարճալի խօսքերով մաղթանք, իսկ մեծերուն՝ շնորհաւորութիւններ, մաղթանքներ։

ե) Նախապաշարումներ, հաւատալիքներ
Իւրաքանչիւր շրջան ունէր իր նախապաշարումներն ու հաւատալիքները։ Այստեղ կարելի է յիշել հետեւեալը.- Դեկտեմբեր 31-ին, ամէն տեղ հաց կը թխէին մեծ քանակութեամբ։ Նոր Տարին պէտք էր նոր հացով սկսիլ, թխուած հացի ալիւրէն բուռ մը, 8-10 տարեկան աղջնակ մը կը շաղէր, առանց թթխմորի եւ կը ձգուէր որ մինակը թթուի, որպէսզի դառնայ Նոր Տարուան առաջին թթխմորը։ Հացի կողքին կը թխուէր նշանաւոր Տարի Հացը, ցորենի ալիւրով, ջուրով կամ կաթով շաղուած բաղարջը։ Տարի Հացը տափակ նկանակ մըն էր, շերտերու բաժնուած, ընտանիքի անդամներուն թիւով, երեսը զարդարուած էր չամիչով, ընկոյզով եւ զանազան նկարներով գծագրուած խաչով կամ տարուան թուականով։ Անոր մէջ կը դրուէր դրամ. յաճախ կը պատահէր Տարի Հացէն բաժին հանել կենդանիներուն, արտին, իսկ որուն որ ելլէր այդ դրամը, կ'ըլլար բախտաւորը եւ ընտանիքը իր բախտը կը սպասէր որ անկէ գայ։

Նոր Տարին

ա) Ղարաբաղի մէջ
«Նաւասարդ»ի երեկոյեան, իւրաքանչիւր տան մէջ կ'եփուէր Ղարաբաղի կուրկուտը (ցորեն եւ միս)։ Կաթսան կրակին վրայ կը դրուէր. տնեցիները ծալլապատիկ կը նստէն օճախին շուրջ, մինչ այդ, տան բարեկամները, առաւելաբար տան փեսան կամ կնքահայրը Նոր Տարին կ'աւետէին, երդիքէն կաթսային ու կրակին մէջ տնեցիներուն վրայ ընկոյզ թափելով։
Յաջորդ օրը, առտու կանուխ, քահանան եկեղեցիէն վերադարձին կը դիմաւորուէր գիւղացիներուն կողմէ։ Իւրաքանչիւրը իր հետ կը բերէր օղի, խնձոր, ցորեն եւ մրգեղէններ ու կը շնորհաւորէր անոր Նոր Տարին։
Տունդարձին, գիւղացիները իրարու տուն կ'երթային, բարի մաղթանքներ կը փոխանցէին ու գաւաթ մը օղի կը խմէին։
Ղարաբաղի կարգ մը շրջաններուն մէջ, կուրկուտի տեղ կ'եփէին հարիսա կամ քաշիկան (քէշկէկ¬ցորենի ծեծածով)։ Նախքան քաշիկան ուտելը, տղաքն ու հարսերը, պապին ու մամին ձեռքերը կը համբուրէին, ապա, ներկաներուն մէկական զոյգ գուլպայ կը հագցնէին, «կաղնդելով» զիրենք։

բ) Սիսիանի եւ Զանգեզուրի մէջ
Այս շրջաններուն «Նաւասարդը» կը տօնէին որպէս տարեմուտ։ Յարգելով Մելիքութիւններէն մնացած աւանդը, գիւղացիները գիւղապետին կը նուիրէին խնձոր, մէջը արծաթ դրամ խրած եւ օղի։ Ան ալ փոխադարձ կը հիւրասիրէր զիրենք եւ կ'ընդունէր շնորհաւորութիւնները։ Կէս գիշերին, գիւղացիները կը մաքրէին գոմերը, անասուններուն տակ գարի կը ցանէին եւ անոնց կողերուն կարմիր թել կը կապէին, որպէսզի տարին առատ եւ երջանիկ օրերով լեցուն ըլլայ։


գ) Վանի մէջ
Նոր Տարուան առաջին օրը, Վանեցիները կը զգուշանային անհաճոյ վարմունքէն եւ ձախորդ գործերէն, հաւատալով, որ տարին ինչպէս կը սկսէր, նոյն ձեւով ալ կը վերջանար։
Իրենց յատուկ խմորեղէններէն էին բեկեղ, կլոճ, որոնք կը տրուէին աղքատներուն, կերակուրներուն հետ, իսկ Յունուար 1-ին, երիտասարդները տօնին հացը կը տանէին աղբիւր, կը թրջէին եւ կը պահէին մինչեւ տարեվերջ, հացակարօտ չմնալու մտադրութեամբ։

դ) Կարնոյ մէջ
Կէս գիշերին ընտանիքը հաւաքուած կ'ըլլար։ Տան մեծ հայրը, ծալլապատիկ, հանդիսաւոր դիրքով, ծխամորճը ձեռքը, կը նստէր սէտիրին վրայ։ Ընտանիքին անդամները կարգով կը համբուրէին ծերունիին ձեռքը, իսկ ինք կը համբուրէր անոնց աչքերը ու մինտերին տակէն արծաթ մանր դրամներ կը հանէր եւ անոնց ափը կը դնէր հազարաւոր օրհնութիւններով։
Տարի հացը, որուն մէջ կը զետեղուէր դրամ, սեղանին մէջտեղը կը դրուէր. ընտանիքին ամենամեծ անդամը, ընտանիքին թիւին համեմատ (ներկայ թէ բացակայ) կը բաժնէր նկանակը, բախտաւորը կ'ըլլար ան, որուն շերտին մէջէն կ'ելլէր դրամը։

ե) Զէյթունի մէջ
Զէյթունցիները կը հաւատային, թէ Կաղանդի օրը, լոյսի եւ խաւարի ոգիները կը գտնուէին դէմ-յանդիման։ Սոյն հաւատալիքը կը ջանային փոխանցել իրենց զաւակներուն։ Ընդհանրապէս խօսակցութեան նիւթը կ'ըլլար Վարդանանց պատերազմզը։ Եթէ օրը նպաստաւոր ըլլար, ճիրիտ կը խաղային եւ հրացանաձգութիւն կը կատարէին։

զ) Ուրֆայի մէջ
Ուրֆացիները անհրաժեշտ կը զգային իրենց տուներէն ներս հիւրեր ընդունիլ։ Բոլորը պէտք էր Կաղանդի գիշերը ուրախ անցնէին. վա՜յ անոր, որ այդ գիշեր տխուր ըլլար, որովհետեւ կը հաւատային որ ան կրնար ամբողջ տարին անյաջողութիւններու հանդիպիլ։
Ուրֆացիները միայն հարսնցուներուն կաղանդչէքներ կուտային (ոսկի, արծաթ, թաւիշ, զերտէ կամ հալվա)։

է) Քէսապի մէջ
Քէսապի նշանաւոր ուտելիքներն էին բախլաւան, զանազան հացեր (ճիֆթ, ծոթրին, պանիր, բոկեղ), բոված սիսեռ, բոված ցորեն, բոված բովեկ (մանանկիչ)։ Ազգականներով կը հաւաքուէին, կէս գիշերին կը հնչէր եկեղեցւոյ կոչնակը, հրացանները կ'որոտային, գիւղացիները դուռը կը բանային, հին տարուան չարիքները դուրս դնելու եւ Նոր Տարուան բարիքները ընդունելու համար։ Ապա կարգով կը շնորհաւորէին իրարու Նոր Տարին։ Տան աւագը նախ կը բարձրացնէր առաջին բաժակը, կ'օրհնէր սեղանը եւ կ'առաջարկէր նախ մեղր ուտել։


ը) Թիֆլիսի մէջ
Նոր Տարուան նախօրեակին, բոլոր խանութներուն մէջ մոմեր կը վառէին եւ խունկ կը ծխէին։ Փողոցներուն մէջ սեղաններ կը սարքէին զանազան միրգերով, կարկանդակներով։ Անցորդները կը հիւրասիրէին, սակայն փոխարէնը կը ստանային արծաթէ մանր դրամ։ Կէս գիշերին, հրացանաձգութեամբ կը փախցնէին հին տարին եւ կը դիմաւորէին նորը։

թ) Ջաւախքի մէջ
Չար աչքերէ հեռու պահելու համար ընտանիքը ապլան (տաներէցը), մոխիր կը դնէր դրան շեմին, որպէսզի այն անձը որ չար մտքով ներս պիտի մտնէր, մոխիրի վրայ կոխելով էշ դառնար. իսկ տան խաչերկաթին վրայ կտոր մը ցեխ կը դնէր եւ դուրսի դրան վրայ ալիւրով խաչ մը կը նկարէր։
Սովորութիւն էր երիտասարդներուն կէս գիշերին գետէն ջուր բերելը, որովհետեւ կը հաւատային թէ այդ ժամուն, մէկ ժամի չափ, ջուրին հետ ոսկի կը հոսէր։ Տանտիրուհին հարսերուն ոսկի կուտար, իսկ միւս անդամներուն՝ միրգ ու խմորեղէն, որպէս կաղանդչէք։ Ապլան գիւղի կարկանդակէն կը բաժնէր բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ բաժին կը հանէր անասուններուն։ Ամուսինները ամօթի զգացումով, ոչինչ կը նուիրէին իրենց կիներուն, ոչ ալ կը շնորհաւորէին զիրենք։

ժ)Հայաստանի Կաղանդը
Ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուն կ'ըլլար ամէն կողմ, ամէն տուն։ Ընտանիքը՝ իր բոլոր անդամներով բոլորած կþըլլար սեղանին շուրջը, որուն վրայ կը գտնուէին բնութեան պարգեւած բոլոր բարիքները՝ նուշ, ընկոյզ, չամիչ, կաղին, արմաւ, թուզ, պաստեղ, մեղր, տանձ, խնձոր, նուռ, խաղող, քաթա, գառնուկ, խոզ, կով, նապաստակ, գինի եւ օղի, ինչպէս նաեւ պլպլացող մոմեր։
Սեղանին գլուխը բազմած կ'ըլլար տան մամիկը, գինիի գաւաթը ձեռքին, ճակտի պսպղուն ոսկիներէն հատ մը կը փրցնէր ու կը դնէր գինիին մէջ, դողդողուն ձեռքերով բաժակը կը բարձրացնէր, ամուր եւ օրհնաբեր ձայնով մաղթանքներ կը կատարէր, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը իջնէ բոլորին վրայ եւ ամէն մարդ հասնի իր մուրազին։
Երեխաները ձիւնին մէջ ցատկռտելով տոպրակ մը վիզերնէն կախած, կ'անցնէին երդիքէ-երդիք, դռները զարնելով կը խնդրէին իրենց կաղանդչէքները։
Այսօր կախ է
Վաղը կաղընդ է
Տանտիկին տանտիկին
Ելիր գնա՛
Մարագն ի վար
Կարճ բռնէ երկայն կտրէ Կամացուկ որ մատդ չկտրես։

 

Հաւատալիքներ-Նախապաշարումներ

Նոր Տարուան նախօրեակին, բոլոր խանութներուն մէջ մոմեր կը վառէին եւ խունկ կը ծխէին։ Փողոցներուն մէջ սեղաններ կը սարքէին զանազան միրգերով, կարկանդակներով։ Անցորդները կը հիւրասիրէին, սակայն փոխարէնը կը ստանային արծաթէ մանր դրամ։ Կէս գիշերին, հրացանաձգութեամբ կը փախցնէին հին տարին եւ կը դիմաւորէին նորը։

1) Թիֆլիսի մէջ կէս գիշերին, աղբիւրներէն վազող ջուրերը մէկ ժամ ոսկի կը հոսի։ Ուստի, ով որ կրնայ ճիշդ ժամուն աղբիւրէն ջուր առնել, այդ ջուրը ոսկիի կը փոխուի։ Աղբիւր կը վազեն աղջիկ թէ տղայ, դոյլը կը լեցնեն եւ կը դառնան տուն, առանց մէկու մը հետ խօսելու։
2) Ոմանք աղբիւր կ'երթան մկրատով։ Ամանին մէջ լեցուած ատեն ջուրը մկրատով կը կտրեն։
3) Ուրիշներ ցորեն, գարի կամ բլիթ կը տանին եւ աղբիւրը կը կաղընդեն։
4) Աղջիկներ հաւկիթ մը կը լուան եւ թոնիրին բերանը կը դնեն, ամանի մը մէջ եղած ածուխի եւ հինայի մէջտեղ։ Երբ հաւկիթը ածուխէն սեւցած կը գտնեն, կը տխրին որ իրենց բախտն ալ սեւ պիտի ըլլայ։ Եթէ հաւկիթը հինայէն կարմրի, կ'ուրախանան։ Բախտը իրենց ժպտած կ'ըլլայ։
5) Աղջիկներ աւելով թոնիրը 3 անգամ կ'աւլեն. աւելը իրենց բարձին տակ կը դնեն։ Առտու եթէ աւելէն ճղիկ մը չէ կոտրուած՝ իրենք զիրենք բախտաւոր կը զգան։
6) Իւրաքանչիւրը առարկայ մը կը դնէ սեղանին վրայ եւ կ'երթայ քնանալու։ Յաջորդ առտու կանուխ կ'երթայ ստուգելու առարկաները։ Եթէ մէկուն առարկան տեղէն շարժած ըլլայ, կը նշանակէ ինքն է բախտաւորը, եթէ աղջիկ է առարկային տէրը, բախտը շուտով պիտի բացուի։

 

Ճաշեր ու բացատրութիւն
¬Խորու։ Ձաւար, շուշմայ ծեծուած խիւսի վերածուած, փոշի պղպեղ, ջարդուած սոխ եւ ջուր, խմորով ծեփուած կաւէ ամանով թոնիրի մէջ եփել։
¬Փերփեր ապուր։ Ծեծած ցորեն, փերփեր, կարմիր լուբիա, աղացուած ոսպ, պղպեղ, շուշմայի իւղ։
¬Քէշկէկ։ Ծեծած ցորեն, ոսպ, սիսեռ, չոր կանկառ, չոր աւելուկ եւ շուշմայի իւղ։
¬Կաթա։ Ալիւր, իւղ, հաւկիթ, կաթ եւ խորիսխ։
¬Բեկեղ։ Հացեր սիմիթի նման եփուած։



Վանի մաղթանք
¬Անոյշ մեղր ուտենք, որ տարին անոյշ զրուցենք, անոյշ լսենք, անոյշ վար¬ ւինք։
¬Շնորհաւոր տօն ու տարին, նոր կաղանդն եւ իւր բարին. ուտենք, խմենք անոյշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին։

Լոռի շրջանի մաղթանք
¬Չարի անհետացում, բարիի գալուստ, մուրազներու իրականացում, առատութիւն ցորենի, գարիի, աճարի, կորեկի, կարմիր օրեր, կարմիր շորեր, կուշտ փոր, տունէ՝ շէն։

Կիլիկիա
¬Ալէլուիա, ալէլուիա, հինը գնաց նորը կուգայ, հինը ուրախ ճանապարհէք, նորի համար պատրաստեցէք, ինչ որ կամիք, խնդրեցէք, թէ՛ կեանք, թէ՛ խելք, թէ՛ մալ, ամէնքին մուրազն ալ կու տայ, միամիտ եղէք։













¬Աղաներ ու խաթուններ, ձեզ շնորհաւոր Նոր Տարի, ապրիք շատ ու շատ տարի։

(ԼՕԽի դաստիարակչական յանձնախումբի «Հայկական Տօներ, Աւանդութիւններ» գիրքէն)