ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄԸ
Երբ Փարիզ էի, քանի մը ընկերներէ հրաւէր ստացայ նոր տարին միասին դիմաւորելու:
Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը, մօտ ժամը 10-ին, մեր խումբը ճաշարանի մը մէջ արդէն գրաւած էր կանուխէն ապսպրուած սեղանը: Ճաշարանին ընդարձակ դահլիճը լեփ-լեցուն էր հասարակութեամբ. Բոլոր սեղանները բռնուած էին: Կային բազմաթիւ կիներ՝ շքեղ հագուած, անհամար ջահերով, ամէն սեղանի վրայ լոյսեր կային, որոնք կը բխէին ծաղիկներու ընդմէջէն:

Կանանց օղերու եւ մանեակներու, ապարանջաններու եւ մատանիներու գոհարներն անթիւ աստղերու պէս կը շողշողային շլացուցիչ փայլով:
Երաժշտութիւն կար, եւ տեղ-տեղ կը պարէին զոյգերը:
Ֆրաքներ հագած սպասաւորները, ճարպիկ եւ ճկուն կերպով իրենց մատներուն վրայ կրելով ափսէներով, բաժակներով, կերակուրներով լեցուն մատուցարանները՝ անցուդարձ կ'ընէին սեղաններուն մէջէն:
Ամէն սեղանէ կը ճառագայթէին ծիծաղ, քրքիջ, զուարթ ձայներ:
Կը նայէի շուրջս, մօտիկն ու հեռուն. ամէնքը զուարթ էին, ամենուն աչքերուն մէջ ալ պայծառ ժպիտ կար եւ գոհունակութիւն: Կարծես այս մարդիկ բնաւ վիշտ չէին տեսած, տխուր ժամ չէին ունեցած եւ հիմա հաւաքուած էին հոս՝ նոյն հաւատքով ընդունելու նոր եկող տարին, որ շարունակողը պիտի ըլլար իրենց ուրախութեան եւ երջանկութեան:
Ժամանակը քանի կը մօտենար գիշերուան ժամը 12-ին, երբ հին տարին տեղի պիտի տար նորին առջեւ, ընդհանուր զուարթութիւնը կը լեցուէր, կ'ուռճանար, կարծես պիտի պայթէր շամփանիայի շիշերու աղմուկով թռչող խցաններուն հետ եւ պիտի յորդէր շիշերէն հոսող փրփրուն գինիներուն հետ:
Փողոցէն, ճաշարանի հսկայ պատուհաններէն ներս կը նայէին ցնցոտիներ հագած մարդիկ, խեղճ երախաներ: Նոյնիսկ քանի մը երախաներ յանդգներ էին ներս մտնել եւ քաշուելով դրան մօտ կծկտեր մնացեր էին:
Ներս մտնող պարոնները կը նայէին անոնց վրայ եւ անտարբերութեամբ կ'անցնէին:
Սպասաւորները անընդհատ եւ զայրոյթով դուրս կը քշէին զանոնք:
Պահ մը ետք անոնք նորէն ներս կը մտնէին:
«Երեւի դահլիճին լոյսն ու շքեղութիւնը կը հրապուրէ զանոնք»,- կը մտածէի ես:
Սպասաւորներէն մէկը, չափազանց կատղած, կոպտաբար անոնց ծոծրակներուն զարնելով՝ կը վռնտէր դուրս:
Այս տեսարանը ուղղակի կը փճացնէր իմ եւ ընկերներուս տօնական տրամադրութիւնը, մանաւանդ որ մեր սեղանը մուտքէն հեռու չէր, եւ մենք աւելի մօտիկէն կը տեսնէինք այս տխուր պատկերը:
Քանի մը ֆրանք տուինք սպասաւորներուն՝ երախաներուն յանձնելու համար:
«Զարմանալի բան է աշխարհը»,- ըսաւ ընկերներէս մէկը՝ գլանակ մը վառելով:- «Մանաւանդ մեծ քաղաքը»,- յարեց ուրիշ մը:- « Քանի շուրջդ աղքատ կայ, երջանիկ չես կրնար ըլլալ«,- ըսաւ մեր ընկերներէն մէկուն տիկինը:
Երաժշտութիւնը պահ մը դադրեցաւ, քանի մը վայրկեան մնացած էր միայն ժամը 12-ին: Ամէնքը, ամէնքը կը պատրատուէին «խորհրդաւոր» րոպէին, ժամը 12-ը հնչելուն, երբ յանկարծ ցաւագին ճիչ մը լսուեցաւ, աղիողորմ ձայն մը: Բոլորը դարձան ձայնին կողմը. դրան մօտն էր: Երախաները դուրս քշելու ատեն, սպասաւորներէն մէկը բռունցքով զարկած էր երախայի մը դէմքին: Խեղճ երախան երկու ձեռքով բռնած էր բերանը, բայց քիթէն կը հոսէր արիւնը. խեղճը կու լար եւ վախցած կը ճչար:
Կիները ետ կը շրջէին՝ դէմքերնին կնճռոտելով եւ ծածկելով հովահարներու տակ: Շատեր զյրացած էին, չես գիտեր ո՞վ՝ որու դէմ: Ճաշարանի կառավարիչին հրամանով երաժշտութիւնը որոտաց, եւ ձայներու մէջ խեղդուեցաւ երախային լացը:
Վայրկեան մը ետք, երախաներէն մաքրուած էր դուռը, եւ սպասուհի մը գետնէն կը սրբէր արիւնը:
Այդ րոպէին հնչեց ժամը 12-ը. շամփանիայի շիշերը պայթիւնով բացուեցան, եւ դահլիճը թնդաց «հուռռա»-ներու մէջ:
-Գէշ սկսաւ տարին,- ըսաւ ընկերներէս մէկը:
-Պարապ խօսք է ըսածդ,- խստութեամբ յարեց մէկ ուրիշը.- ուրախանանք, քէֆ ընենք, ամէն տարի՝ ողջ, առողջ...
Բայց բոլորիս տրամադրութիւնը փճացած էր, թէեւ կը ջանայինք ուրախ ձեւանալ:
Այդ գիշեր ինչ որ կ'ուտէի եւ կը խմէի, ինծի կը թուէր թէ այդ խեղճ երախային արիւնն է թափած բոլոր կերածներուս մէջ:
Աւետիք Իսահակեան