Հայր մեր այժմ կը նուիրենք նոր տարին Քեզի.
Ինչ որ դուն բաշխես, գիտես, այն է միշտ բարի:
Հոս վիճակ մը մնայուն, զերծ ամէն ցաւէ,
Չենք խնդրեր, այլ քու անուն, Հայր փառաւորէ:
Ո՜հ, կարո՞ղ է միտքն մանկան բախտը սահմանել,
Խորհուրդով իւր ապագան Հօրմէն լաւ ընտրել:
Յաւէտ բարիքներդ անհուն հարկ է միտք բերել,
Եւ ցնծմամբ քու սուրբ անուն, Հայր փառաւորէ:
Տէր, թէ որ մեզի մնան այժմու պարգեւներ,
Եւ կամ երկինքէն տեղան նոր օրհնութիւններ,
Եւ ինչ ալ այս նոր տարին մեզի ընծայէ,
Քու անունդ պաշտելի, Հայր փառաւորէ:
Վեր. Մովսես Պ. Ճանպազեան