samedi 9 décembre 2023

Նոր Տարի Եւ Ուրիշ Բաներ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 Այդ օրերուն հազիւ-հազ այս երկրին մէջ տեղաւորուած էինք, արդէն Thanksgiving Day- «Գոհաբանութեան Օր» կոչուած արձակուրդը հասած էր, իսկ անոր յաջորդ օրն իսկ, երբ տակաւին նոյնիսկ հնդկահաւակերութեան ընթրիքի ամանները չէինք տեղաւորած, մեր տունէն ներս յանկարծ տարրօրինակ հարց մը կը ծագէր: Անծանօթ եւ նոյնքան ալ աղմկալից:

Այս մէկը, մեզի «նորեկներուս» համար իրապէս, որ նորութիւն էր: Ու իբրեւ արդարացում՝ մեզի մեկնաբանուեցաւ՝ ըսելով, թէ «եղածը» տեղական սովորութիւններէն ծնած պարզ հարց մըն էր, մեր զարմիկներէն մէկուն անմեղ հարցումներէն մէկը:

Ո՞ւր կամ ինչպէ՞ս պիտի անցընենք այս նոր տարին:

Ու վայրկեանին մէկ շունչով արտասանուած այս նախադասութիւնը մեզ բոլորս իրար խառնած էր ու ձեւով մըն ալ մեր տան սանկ-նանկ անդորր իրավիճակը խանգարած:

Անկեղծօրէն ըսելով՝ այդ միջոցին ոչ ոք յստակ պատասխան մը ունէր իր միտքին մէջ: Ուղղակի խառնարան: Մէկը Լաս Վեկաս կ՛ուզէր անցընել: Ուրիշ մը՝ իր ընկերոջ տունը: Այն միւսը՝ իր զոքանչին հետ: Աւելի համարձակ մը՝ յատուկ սրահ մը վարձել կ՛առաջարկէր: Անդին միւսը՝ այնպայման դուրսը անցընելու իր տեսակէտը առաջ կը քշէր: Իսկ ես, ըստ ինծի հետ բերած ու շալկած աւանդութիւններուս՝ «տունը անցընել»: Ու ամէն մէկս, իր կարգին, ունէր իր յատուկ պատճառաբանութիւնը: Իր համոզիչ տեսակէտը: Նոյնիսկ դիմացինին առաջարկին ժխտական կողմերը շուտով բացայայտելու վարպետութիւնը: Այլ խօսքով՝ իրը ծախելու ճարպիկութիւնը:

Կարծես մանկական խաղի նմանող բան մըն էր, որուն «տագնապ ստեղծող» անունն ալ կրնայ տրուիլ եւ որուն արդար եւ համերաշխ լուծումը օրեր սկսած էին խլելու: Ու այդ օրէն ետք ժամանակը սկսած էր արագավազ սահելու: Օրերը արագօրէն կը հալէին եւ ոչ մէկ ծրագիր կամ շինիչ առաջարկ: Այս ընթացքով, պիտի նշանակէր՝ ուշացում, ապա «մէջտեղ պիտի մնանք»ի պատրուարկ մը…։

Ըսի չէ, տեղին ու կարգին հարցում մը, որ տակաւին քիչ ժամանակ առաջ, մեր հին քաղաք-ծննդավայրին մէջ, ոչ միայն չէինք կրնար արտայայտել, ըսել, այլեւ՝ նոյնիսկ մտածել կամ մեր միտքէն անցընել:

Հոն, այդ հին ու օրհնեալ քաղաքին մէջ, ուր աւանդութիւնները իբրեւ սրբութիւն եւ տոհմիկ սովորութիւնները՝ իբրեւ գերագոյն լուծում եւ միջոց, կը գործադրուէին, նման հարց գոյութիւն չէր կրնար ունենալ:

Հաւատացէ՛ք, անոր ծնունդն իսկ վիժումի կը դատապարտուէր: Որովհետեւ…

Երնէ~կ այդ օրերուն…։

Որովհետեւ, հո՛ն մեծ կամ մեծեր կային: Որովհետեւ հո՛ն մեծերը մե՛ծ էին եւ փոքրերը փո՛քր եւ ակնածանքն ու յարգանքը մարդոց առօրեայ կենցաղէն ներս ունէր իր արդար եւ հաստատ բաժինը:

«Ինչպէ՞ս կամ ո՞ւր պիտի անցընենք նոր տարին դիմաւորող գիշերը» մեր երազին մէջ նոյնիսկ չէինք կրնար… Հո՛ն նման հարց կամ հարցում գոյութիւն չունէր: Տունը կ՛անցընէինք: «Մեծ»ին տունը: Ազգականական կապի ներկայացուցիչ մեծին տունը ու շատ հաւանաբար մեր թիւին վրայ այդ գիշեր նաեւ կ՛աւելնար մեր մտերմիկ ընկերներէն եւ բարեկամներէն քանի մը հատը՝ անոնք, որոնք ակամայ զրկուած էին ազգականներէ: Այդ գիշեր ընտանիքը հոն էր, նոյն այդ մեծին տան սեղանին շուրջը հաւաքուած, բոլորուած, խմբուած:

Աւանդական սեղան՝ իր հարազատ սեղանակիցներով:

Հո՛ն, նախ կ՛ընթրէինք, ապա ճաշասեղանը կը վերածուէր պտղասեղանի, որուն վրայ կ՛աւելնային անբաժան օրուան զարդարանքներ՝ կաղինը, ընկոյզը, չամիչն ու թուզը:

Մեծերը օղիով կը գոհանային, իսկ մենք՝ ջուրով կամ պտուղի օշարակով: Միւս կողմէ, վառարանին վրայ շագանակի «պայթումներուն», մեր ձայներն ալ ազգային եւ կամ ժողովրդական երգերով կ՛ընկերանային: Այսպէս, քիչ մը ուտելով, քիչ մը «թղթիկ» խաղալով, քիչ մըն ալ երգելով եւ կատակելով ու մանաւանդ «Երեւանն է խօսում»ը մտիկ ընելով, կը դիմաւորէինք նոր տարին, որուն ժամանումն ու գալուստը կը յայտարարուէր մեր տան պատին վրայ հնամեայ ժամացոյցի ծանր զարկերէն եւ ձայնասփիւռի տեղական կայաններու ալիքներէն:

Յետոյ…

Ժամը 12էն մէկ երկու երեք վայրկեաններ առաջ, լոյսերը կը մարէինք ու նոր տարին լոյսեր բանալով կը դիմաւորէինք: Նախ վայրկեանին խմբովին ու բարձրաձայն «Հայր մեր» մը կը սկսէինք, որմէ ետք փոքրերս եւ կամ պատանիներս, երկիւղով կը համբուրէինք մեծին կամ մեծերուն աջերը ու այս ձեւով նոր տարուան առաջին իսկ վայրկեանին կը ստանայինք անոնց բարի մաղթանքներն ու համով-հոտով օրհնութիւնները: Ապա կը յիշուէին մեզմէ յաւերժ բաժնուածները: Պահ մը լուռ կը մնայինք, անոնց յիշատակը կը վերապրէինք, ապա վերադառնալով ներկային եւ իրականութեան, կը շարունակէինք մեր կերուխումը, երգն ու պատմումը, առանց մոռնալու սակայն, որ քանի մը ժամեր ետք, պէտք էր եկեղեցի երթայինք, Աստուծոյ հետ, նոր տարուան առաջին օրն իսկ, մեր կապը վերամրապնդելու, մեր հոգիին ու խիղճին տուրքը տալու՝ աղօթքով եւ մոմ կամ մոմեր վառելով:

Այսպէս էր հոն, այդպէս ալ մնաց, հակառակ մեծերու բացակայութեան:

Ու վերջը, տարիներ յետոյ… Ամերիկա կոչուած այս «աւետեաց երկիր»ը, մեր հաստատուելուն առաջին «նոր տարիներն» ալ այդպէս կրկնուեցան կամ փորձեցինք կրկնել:

Դժուարին աշխատանք մըն էր, սակայն գէշ-աղէկ կատարեցինք, որովհետեւ մեր հետ բերած ու մեր միտքերուն ու հոգիներուն մէջ լեցուած այդ թարմ եւ գեղեցիկ աւանդութիւնները տակաւին տաքուկ պահած էինք:

Յետոյ, քանի պզտիկները մեծցան, կարծես այդ մէկուն թարմութիւնն ալ անցաւ եւ մեր սովորութիւնը կորսնցուց իր հմայքը: Ու ինքնակամ, մեր իսկ ձեռքերով եւ մեր իսկ առած որոշումներով, նոյն այդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները կամովին բանտեցինք ու բանտարկեցինք մեր միտքերու թանգարաններուն մէջ:

Ու հիմա… հոս, դարձեալ «նոր տարի» է…։

Բայց չմոռնանք սակայն, որ եթէ նախապէս հոն, Նոր տարին դիմաւորող գիշեր մը ունէինք, իբրեւ սրբազան ընթրիք կամ հաւաքոյթ կամ ազգականական ու բարեկամական հանդիպում եւ մէկտեղում-հաւաք, հո՛ս սակայն, անոր վրայ աւելցած էին կամ ինքնաբերաբերար տեղայնական հոսանքին հետեւելով աւելցուցած՝ «Գոհաբանութեան օր»ը, «Քրիսթմըս»ը, անհատնում տարեդարձներու նշումները, շրջանաւարտներու հաւաքոյթները, նշանտուքներն ու հարսանիքները եւ հարսանիքի դրսեւորումով հոգեճաշերը, «պէյպ»ի կամ «պրայտըլ շաուըրները»…:

Ահա քեզի Ամերիկա:

Այսպիսով մեր ցանկը գիրցաւ, երկարեցաւ, լայնցաւ, մեծցաւ մեր գրպաններուն ծախսերուն հետ ու օրէ օր սկսանք դառնալու հետեւողական, զիրար կապկող եւ վերջին՝ ինքնաբերաբար անիմաստ, սակայն լուռ մրցակցութեան մը մասնակից դառնալով:

Մէկ խօսքով՝ մենք ալ «ինկանք այս բոլորին ծուղակը»: «Հապը կլլած էինք»…:

Բայց յիշեմ նաեւ, որ այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք, օր մը քաջաբար որոշեցինք նոր տարին «դուրսը ընել», մեծ սրահ մը, ուրիշներու հետ, պարահանդէսի նմանող բանի մը պէս։

Մենք զմեզ համոզեցինք կրկնելով, թէ «տունը շատ յոգնեցուցիչ է», «մէկ հոգիի գործ չէ», «կերածնիս ինչ է որ, պատառ մը հաց եւ ամբողջ շաբաթ մը պէտք է աշխատէինք ու պատրաստուէինք», «չ՛արժեր տունը նստիլ», «դուրսը, լաւ է, հանգիստ կ՛ընես», «տունդ չաղտոտիր» եւ այլն ու եւ այլն բազմազան եւ բազմաշերտ արդարացումներով: Մէկ խօսքով, պատճառաբանութիւններ եւ ինքնահամոզումի  պատրուակներ:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, արդարացուցիչ կամ ոչ, մենք ալ ընտանեօք տարի մը ինկանք այդ հոսանքին մէջ, երբ որոշեցինք ուրիշներու հետ եւ ուրիշներու պէս «դուրսը» տօնել:

Կը յիշեմ, այդ «օրհնեալ» օրը, երբ արագ կերպով որոշեցինք մօտիկ ազգականներով Նոր տարուան ձեռնարկի մը երթալ: Մեզ «թխմեցին» հսկայ սրահի մը մէջ, ինչպէս որ սպանդանոց տարուելիք ոչխարները կը թխմեն շոգեկառքի վակոններու մէջ: Համակերպեցանք: Ուրիշ ընելիք չունէինք: Ահագին «դրամ» տուած էինք: Ու Նոր տարուան սիրոյն լռեցինք: Վերջը, անօթի մնացինք, որովհետեւ կազմակերպողները արդարացան, ըսելով թէ «կերակուրը չհերիքեց» շատ ժողովուրդին պատճառով:

Ու այդ օրուընէ ի վեր երդում ըրինք, որ նման սխալ պիտի չկրկնէինք:

Սակայն, յաջորդ տարի կրկնեցինք, նոյն ինքնարդարացումի կէտերէն մեկնած, նորէն «ինկանք ծուղակը»: Ու վերջապէս որոշեցինք, այսուհետեւ, ամէն տարի ազգականի մը տան մէջ հաւաքուիլ, ազգականական կապը պահելու, մեր կերածն ու խմածը  եւ մանաւանդ մեր խօսածը հասկնալու համար:

Ու հիմա այս օրերուն, կրկին նոյն հարցումը:

Նորէն ինկած ենք անորոշութեան գիրկը, որովհետեւ մեր ազգականներէն մէկը միտքը փոխած է, «խոստմնադրուժ» եղած է, ու իր շրջապատը նետած բոլորիս ծանօթ անորոշութեան գիրկը:

«Լաս Վեկաս անցընել», «տունը մնալ», «սրահ» կամ «դուրս երթալ», այսպէս իրարախառն առաջարկներ կրկին անգամ մեզի շուարումի կը մատնէին: Ուստի մեզի կը մնար ներկայացուած առաջարկներու համադրումը կատարել:

Օրերը կը սահէին մանաւանդ Ամերիկայի մէջ, ուր ամիսները շաբաթներու նման կը հալին: Ու մեր առնելիք լուծումը ինքնաբերաբար կ՛ուշանար:

Օրէ օր առաւել եւս կը յստականար, թէ մեր նախկին սովորութիւններն ու աւանդութիւնները արդէն իսկ մենք կամովին գերեզմանած էինք:

Բայց, այս տարի ինչ որ ալ ըլլայ մեր որոշումը կրկին «Շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի կաղանդ» բոլորիդ: